Ինչո՞ւ Փաշինեան Դարձած Է Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Սիրելին
Օրէ օր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը նեղցնեն օղակը Հայաստանի պարանոցի շուրջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրհնութեամբ: Անոր ինքնահռչակ «Թրամփի ուղի»-ն (Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման) ասոր լաւագոյն ապացոյցն է: Թրամփը չէ հետաքրքրուած Հայաստանով կամ անոր շահերով։ Ան կը մտածէ միայն իր անձնական շահերուն մասին` յուսահատօրէն ձգտելով անարժան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ: «Թրամփի ուղի»-ն պարզապէս այլ անուն է Թուրանի ճամբուն, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը կապէ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններու. վաղեմի փանթրքական երազանք մը, որ լուրջ սպառնալիք է Հայաստանի գոյութեան:
Որքան ալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պնդէ, որ ինք խաղաղութիւն բերած է Հայաստան, ինչպէս կը պնդէ, որ ժողովրդավարութիւն հաստատած է, իրականութիւնը կը մնայ այն, որ ոչ միայն խաղաղութիւն չկայ, այլ նաեւ նոյնիսկ անարժէք «Խաղաղութեան պայմանագիրը» ստորագրուած չէ:
Մտահոգիչ է, որ Հայաստանի ղեկավարը դարձած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սիրելին: Այս երկու երկիրները, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այս յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Փաշինեան մնայ իշխանութեան ղեկին: Վերջին բանը, որ անոնք կ՛ուզեն, ընտրութիւնն է զայն փոխարինող հայ ազգայնականի մը, որը պիտի ջնջէ վերջին ութ տարիներուն իրենց բոլոր ձեռքբերումները: Ահա թէ ինչո՛ւ մնայուն կերպով կը լսենք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ անոր մօտիկներուն այն միտքը, թէ իրենք հարց չունին Փաշինեանին հետ, սակայն մեծապէս մտահոգ են «արմատական» սփիւռքով:
Այս տխուր իրավիճակի վերջին ապացոյցը «Եու Թիուպ»-ի վրայ տեղադրուած թրքերէն 8,5 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթն է` «Անոնք թրքերէն կը դասաւանդեն (Հայաստանի) դպրոցներուն մէջ» խորագիրով: Տեսանիւթը, զոր պատրաստած է թուրք պլոկըր Էրենջան Ալկիւնը, վերջին 11 օրուան ընթացքին դիտուած է 86.562 անգամ եւ ունի 638 մեկնաբանութիւն:
Ալկիւնը, որ ունի մօտ 200 հազար հետեւորդ, յայտարարած է. «Ինչո՞ւ Հայաստան կը բարեկամանայ Թուրքիոյ հետ: Դպրոցներուն մէջ թրքերէն կը դասաւանդեն: Արդեօք Հայաստան աստիճանաբար կը ձերբազատի՞ Թուրքիոյ նկատմամբ իր թշնամանքէն: Եկէք՝ այս հարցին նայինք Փաշինեանին յայտարարութիւններուն ընդմէջէն: Նախորդ ամրան ան ըսաւ. «Մեր միակ տարբերակը Թուրքիոյ հետ հաշտուիլն է: Պատերազմի՞լ Թուրքիոյ նման երկրի մը դէմ: Անոնք չեն գիտեր՝ ինչի՛ մասին կը խօսին: Ատկէ զատ՝ «Թուրքիան եւ Հայաստանը իրարու համար սպառնալիք չեն: Մեր առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը խոչընդոտ չէ Թուրանի ճանապարհին համար: Եթէ ջրուղի կայ, բոլորս այդ ջուրէն կրնանք միասին խմել», յայտարարած է ան: Այս յայտարարութիւններէն կարճ ժամանակ ետք Թրամփը միջամտեց` վերանուանելով յայտնի «Զանգեզուրի միջանցք»-ը «Թրամփի միջանցք» եւ տրամադրելով Միացեալ Նահանգներուն 100-ամեայ վարձակալութեան իրաւունք տարածաշրջանին մէջ… Փաշինեանի խաղաղասիրական խօսքերը ինչպէ՞ս կ՛ազդեն հասարակութեան վրայ, եւ ինչպէ՞ս Հայաստան յառաջ կը տանի այս գործընթացը»:
Իրօք, Հայաստանի կրթութեան նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ շուրջ 400 աւագ դպրոցներ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ազրպէյճաներէն եւ թրքերէն լեզուներու ուսուցման նկատմամբ: Սակայն նախարարը ընդունած է, որ այս լեզուներու որակեալ ուսուցիչներու պակաս կայ: Յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ հարիւրաւոր ազրպէյճանցի եւ թուրք ուսուցիչներու տեղափոխումը Հայաստան, ինչ որ կրնայ բարենպաստ միջավայր ստեղծել ապագայ լրտեսներուն համար: Ես աւելի քիչ կը մտահոգուէի, եթէ այս լեզուները դասաւանդուէին համալսարաններուն, եւ ոչ թէ աւագ դպրոցներուն մէջ:
Ալկիւնը կը շարունակէ. «Հայաստանի քաղաքական առանցքը սկսած է փոխուիլ, եւ անիկա ընտրած է համագործակցութեան ուղի թուրքերուն հետ… Հայաստանի մէջ «թուրք», «Թուրքիա» եւ «թրքական» բառերը տակաւին յուզականութիւն յառաջացնող բառեր են: Թրքերէնի առկայութիւնը՝ իբրեւ ընտրովի դասանիւթ Հայաստանի մէջ, տակաւին չի նշանակեր, որ երկու հասարակութիւնները իրարու կը մօտենան: Սակայն ասիկա նշան է, որ երկու երկիրները դադրած են զիրար անտեսելէ, եւ Փաշինեանի յայտարարութիւնները այս մէկը կը հաստատեն։
Մեկնաբանելով «Թրամփի ուղի»-ն, զոր ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը կը կոչեն «միջանցք», Ալկիւն կը նշէ. «Զանգեզուրը ոչ միայն երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղի է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, այլ նաեւ ռազմավարական գիծ է, որ կը կապէ Թուրքիան եւ Կեդրոնական Ասիան: Երբ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի, մինչ այդ անջատուած թուացող թրքական պետութիւնները առաջին անգամն ըլլալով կը կապուին անխափան ցամաքային ճամբով: Ասիկա սոսկ խորհրդանշական միաւորում չէ: Այս ճամբով կրնան երկարիլ բնական կազի եւ նաւթի խողովակաշարեր: Պիտի տեղադրուին ֆայպըր օփթիք մանրաթելային համացանցի հաղորդալարեր: Պիտի ստեղծուի ուղղակի երկաթուղային հաղորդակցութիւն:
Այնուամենայնիւ, Ալկիւնը կը խոստովանի. «Անցեալի բեռը այնքա՛ն ծանր է, որ անոնք (հայերը) չեն կրնար յաղթահարել որոշ զգացումներ: Այսօր Հայաստանի քաղաքական հռետորաբանութիւնը տակաւին կը կեդրոնանայ Ցեղասպանութեան, Ղարաբաղի կորուստին եւ Թուրքիոյ` իբրեւ թշնամիի գաղափարին վրայ: Բնական է, որ այս հռետորաբանութեամբ մեծցած հասարակութեան համար միասնութեան ուղիին աջակցիլը դիւրին չթուի: Տեսնենք` ժամանակը ի՛նչ ցոյց պիտի տայ: Սպասենք եւ տեսնենք»:
Ալկիւնը եզրափակելով՝ կ՛ընդգծէ, որ «Թրամփի ուղի»-ն՝ «Օգտակար պիտի ըլլայ մեր երկրի (Թուրքիոյ) եւ Ազրպէյճանի համար: Իմ կարծիքովս, անիկա ոչ միայն երթեւեկային հաղորդակցութեան նշանակութիւն պիտի ունենայ, այլ նաեւ պիտի առաջնորդէ աշխարհաքաղաքական ընդլայնման: Ասիկա ձեռք կը բերէ ռազմավարական նշանակութիւն` թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմական առումով: Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Ազրպէյճան այն վայրն է, ուր Թուրքիոյ զինուած ուժերը աշխուժ ներկայութիւն ունին: Եթէ այս միջանցքը բացուի, աւելի պիտի զօրանայ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն ազդեցութիւնը արեւելքի մէջ: Հետեւաբար, Թուրքիան այս բեմագրութեան մէջ առնացքային դեր կը խաղայ: Պէտք է պարզապէս գիտնալ՝ ինչպէ՛ս ճիշդ խաղալ մեր քարտերը»:

