Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կողմնակից Է Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման
Ամօ՛թ նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերստին յամառօրէն մերժելուն համար։ Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ բարոյական արժէքներէ եւ սկզբունքներէ զուրկ մարդը, որ դատապարտուած յանցագործ է (34 դրուագով), ինչպէս նաեւ պատասխանատու ճանչցուած է սեռային ոտնձգութեան համար, կ’ընտրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ։
Թրամփի ժխտումները կը հակասեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բարձրագոյն մակարդակներով Հայոց Ցեղասպանութեան բազմիցս կատարուած ճանաչումներուն.
– 1951 մայիս 28-ին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (Համաշխարհային դատարան)՝ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը։
– Նախագահ Ռոնըլտ Ռիյկըն յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը իր 22 ապրիլ 1981-ի նախագահական հռչակագիրին մէջ։
– Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին, 1984-ին եւ 2019-ին ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրած է երեք բանաձեւեր՝ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը։
– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ (100 թեր, 0 դէմ քուէներով) 2019-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հակառակ նախագահ Թրամփի՝ զայն խոչընդոտելու անյաջող ջանքերուն։
– Նախագահ Ճօ Պայտըն 2021, 2022, 2023 եւ 2024 թուականներու ապրիլ 24-ին հանդէս եկած է յայտարարութիւններով՝ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը։
– Միացեալ Նահանգներու բոլոր 50 նահանգները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։
– Աւելի քան 30 երկիրներ, որոնց կարգին՝ ՕԹԱՆ-ի աւելի քան տասը անդամներ, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Հակառակ այս բոլոր ճանաչումներուն՝ նախագահ Թրամփ կը շարունակէ տեղի տալ Էրտողանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման՝ արդէն վեցերորդ անգամն ըլլալով հրաժարելով գործածել Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը՝ իր առաջին պաշտօնավարութեան չորս տարիներուն եւ երկրորդ պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին: Մենք նաեւ պէտք չէ մոռնանք փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի ամօթալի քայլը՝ 10 փետրուար 2026-ին Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելէ ետք, «Էքս»-ի իր ընկերային ցանցի էջին վրայ կատարած հրապարակումէն Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը ջնջելը։
Քանի որ նախագահ Թրամփ կը հրաժարի արտասանել ցեղասպանութիւն բառը՝ վախնալով նեղացնել իր բարեկամ Էրտողանը, ապա ինչպէ՞ս կրնան հայերը վստահիլ իրեն՝ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու մէջ։ Թրամփ եւ Վանս պէտք է արժանանան համընդհանուր դատապարտման՝ իրենց այս մեղադրելի վարքագիծին համար։ Այսուհանդերձ, անոնց հայ աջակիցներէն ցարդ որեւէ քննադատութիւն չենք լսած։ Անոնք, որոնք 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն պիտի քուէարկեն Ճէյ. Տի. Վանսի ի նպաստ, պիտի դառնան անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման համախոհները։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Հայկական համագումարը հրապարակեցին յայտարարութիւններ՝ քննադատելով նախագահ Թրամփի շարունակական մերժումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտած է՝ «Նախագահ Թրամփի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ յանցագործութիւններուն կոծկման»։ Հայկական համագումարը՝ «խոր մտահոգութիւն յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն չհաստատելը պատճառ կը դառնայ անպատժելիութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ճիշդ այն պահուն, երբ հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ դարձեալ կ’ենթարկուի յարձակումներու»։
Ի տարբերութիւն նախագահ Թրամփի՝ տասնեակ համաշխարհային ղեկավարներ եւ կարեւոր կազմակերպութիւններ 24 ապրիլ 2026-ին հանդէս եկան յստակ յայտարարութիւններով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Անոնց կարգին էին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Յունաստանի նախագահ Կոնսթանթինոս Թասուլասը, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը, Շուէտի խորհրդարանը, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Մարիօ Լուպեթքինը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Քանատայի վարչապետ Մարք Քարնին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Գերմանիոյ Պունտեսթակի փոխնախագահ Պոտօ Ռամելովը, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմը, Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինը, Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քարէն Պասը։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ապրիլ 24-ին դարձեալ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ինչպէս կ’ընէ ամէն տարի 2014-էն ի վեր: Սպասելի էր, որ ան խեղաթիւրեց պատմական փաստերը՝ յայտարարելով, թէ՝ «Բոլոր օսմանեան հպատակները խորապէս տառապած են», այդպիսով հաւասարեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին զոհուած թուրք զինուորներուն հետ: Մինչ Էրտողան կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէր, Պոլսոյ իշխանութիւնները կրկին արգիլեցին ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները:
Աւելի յուսահատեցնող էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը։ Բազմիցս վիրաւորելով հայ ժողովուրդը՝ Հայոց ցեղասպանութեան իսկութեան վերաբերեալ անտեղի հարցեր բարձրացնելով, ան կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմական փաստերը։
Ծաւալուն յայտարարութեան մը մէջ, զոր Փաշինեան հրապարակեց 24 ապրիլ 2026-ին, Երիտթուրքերը իբրեւ յանցագործներ մեղադրելու փոխարէն, ան «Մեծ Եղեռնը» նկարագրեց իբրեւ՝ «Հայ ժողովուրդը միջազգային խարդաւանքներու մէջ ներքաշելու գործելակերպի հետեւանք»։ Այնուհետեւ Փաշինեան Ցեղասպանութեան տարելիցը չարաշահեց իր, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան օրակարգը» յառաջ մղելու համար։ Խիստ մտահոգիչ պնդումով մը՝ ան յայտարարեց, որ Հայաստանը թերբնակեցուած է՝ կարծես նախապատրաստուելով 300 հազար ազրպէյճանցիներու Հայաստանի մէջ հաւանական վերաբնակեցման, պահանջ մը, որ նախապէս ներկայացուցած էր Ալիեւը։
Փաշինեանի հրամանով՝ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանը (որ կը ֆինանսաւորուի հարկատուներուն կողմէ) ապրիլ 24-ին չհեռարձակեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնն ու ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութիւնը: Շարունակելով Փաշինեանի պայքարը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը իր կայքէն հեռացուց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան մասին հրապարակումները:
Ի ուրախութիւն Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ՝ Փաշինեան դատապարտեց ապրիլ 23-ի երեկոյեան Երեւանի մէջ կայացած ջահերով երթի մասնակիցներուն կողմէ թրքական դրօշակի հրկիզումը: Այսպիսով, դարձեալ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Էրտողան հանդէս եկան նոյն դիրքորոշմամբ՝ հակադրուելով հայ ազգային շահերուն:
Այնուհետեւ Փաշինեան աւելի վիրաւորեց հայ ժողովուրդը՝ ապրիլ 25-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին յաջորդող օրն իսկ, կազմակերպելով մեծ հանրային համերգ եւ տօնական ձեռնարկ։
Ինչպէ՞ս կարելի է մեղադրել օտարերկրեայ ղեկավարները՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց վիճելի դիրքորոշումներուն համար, երբ ինքնին Հայաստանի վարչապետը նման վիրաւորական քայլերու կը դիմէ եւ կասկածելի յայտարարութիւններ կ’ընէ։

