Քոնկրեսական Ֆայն Պէտք Է Հեռացուի Քոնկրեսէն՝ իր Հակահայ Ցեղապաշտական Յայտարարութիւններուն Համար
Ֆլորիտայէն հրէական ծագում ունեցող ամերիկացի հանրապետական քոնկրեսական Ռենտի Ֆայն, ապրիլ 30-ին ամբողջ երկրի տարածքին հեռարձակուող «Ճենի Պեթ Շօ» (The Jenny Beth Show) փոտքասթի ընթացքին խիստ վիրաւորական յայտարարութիւն մը ըրաւ. «Մենք չենք ուզեր, որ հայերը կարենան ծառայել Քոնկրեսին մէջ»:
Քոնկրեսական Ֆայն այս վիճայարոյց յայտարարութեամբ՝ քննադատեց ընկերային ցանցերու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը՝ Տեն Պիլզերեանը, որ 29.6 միլիոն հետեւորդ ունի «Ինսթակրամ»-ի վրայ, Միացեալ Նահանգներու վեթերան է եւ Ֆլորիտայի մէջ Ֆայնի մրցակիցն է Հանրապետական նախնական ընտրութիւններուն: Նախագահ Թրամփ զօրակցած է Ֆայնին՝ զայն անուանելով «ՄԱԿԱ ուորիըր»։
Ֆայն ըսած է, որ Պիլզերեան՝ «Կ’ապրի Լաս Վեկասի մէջ, երբ իր օտար երկրին՝ Հայաստանի մէջ չէ։ Բայց գիտէք՝ ան պարզապէս սարսափելի հակասեմական մըն է։ Կարծեմ, ան կը փորձէ ցոյց տալ, որ ատելութեամբ լեցուն խելագարներու եւ ձախողածներու այս խումբը կրնայ հաստատուիլ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ… Փոքրիկ հայը ըսած է, թէ նախագահ Թրամփ մանկապիղծ բռնարար մըն է, զոր պէտք է պաշտօնանկութեան ենթարկել։ Ասիկա համոզիչ փաստ չէ։ Այս մէկը կրնայ ի զօրու ըլլալ Հայաստանի մէջ, ուրկէ որ է ան, բայց ասիկա փաստ չէ։ Ասիկա չի կրնար գործել Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ուրեմն՝ վատ է։ Մենք պէտք է լրջօրէն վերաբերինք ատոր հետ, որովհետեւ չենք ուզեր, որ ասիկա արմատաւորուի մեր կուսակցութեան մէջ։ Մենք չենք ուզեր, որ հայերը կարենան ծառայել Քոնկրեսին մէջ։ Բայց ասոր համար քունս պիտի չկորսնցնեմ»։ Պիլզերեան Հայաստանէն չէ։ Ան ծնած է Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքը եւ 2018 թուականին ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն՝ դառնալով երկքաղաքացի։
Եթէ քոնկրեսական Ֆայն պարզապէս քննադատէր Պիլզերեանը, որովհետեւ ինք չէր հաւնած անոր վիճայարոյց տեսակէտները, ապա հասկնալի պիտի ըլլար: Սակայն, թիրախաւորել բոլոր հայերը՝ մէկ ամերիկացիի հետ ունեցած անհամաձայնութեան պատճառով, լիովին անընդունելի եւ անխոհեմ քայլ է: Ասիկա բացայայտ եւ յստակ ցեղապաշտութիւն է: Ֆայնը քննադատած են Քոնկրեսի քանի մը անդամներ, որոնց կարգին՝ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), քոնկրեսական Լորա Ֆրիտմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), քոնկրեսական Պրենտըն Պոյլ (դեմոկրատ, Փենսիլվանիա) եւ քոնկրեսական Տելիա Ռամիրեզ (դեմոկրատ, Իլինոյ): Ֆայն արժանացած է նաեւ ամերիկեան լրատուամիջոցներու շարք մը ներկայացուցիչներու եւ առցանց մեկնաբաններու քննադատութեան:
«Ասիկա միայն ցեղապաշտութիւն չէ, այլ նաեւ որակազրկող է», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ազգային զանգուածային հարցերու վարիչ Քեւ Իսքաճեան: «Բացայայտ մոլեռանդութիւն է ըսել, թէ հայերուն պէտք չէ արտօնուի ծառայել Քոնկրեսին մէջ: Նման յայտարարութիւն կատարող ոչ մէկ ընտրուած պաշտօնատար պէտք է առաջադրուի որեւէ պաշտօնի»։
Իր վիրաւորական յայտարարութիւններուն համար ներում հայցելու փոխարէն, Ֆայն աւելի սրեց կացութիւնը՝ երկու օր ետք «Էքս»-ի հարթակին վրայ գրելով. «Հայերը պէտք չէ ծառայեն Քոնկրեսին մէջ, ոչ ալ՝ սոմալցիները կամ քուաթեմալացիները: Կամ՝ սպասեցէ՛ք՝ իսրայէլացիները»: Ան կացութիւնը աւելի վատթարացուց՝ իր ցեղապաշտական մատնանշումներուն աւելցնելով քանի մը այլ ազգութիւններ եւս։
Ինչպէ՞ս պիտի զգար հրեայ քոնկրեսական Ֆայն, եթէ ոեւէ մէկը ըսէր. «Մենք չենք ուզեր, որ հրեաները կարենան ծառայել Քոնկրեսին մէջ»։ Վստահ եմ, որ մեծ աղմուկ պիտի բարձրանար։ Նման արտայայտութիւն ունեցող անձ մը պիտի դատապարտուէր ամբողջ երկրին մէջ՝ բացայայտ հակասեմական ըլլալուն համար։ Իսկ եթէ նման ցեղապաշտական արտայայտութիւն ունենար գործող քոնկրեսական մը, անմիջապէս անոր հրաժարականը պիտի պահանջուէր։ Այժմ Քոնկրեսը նուազագոյնը պէտք է Ֆայնը զրկէ Ներկայացուցիչներու տան հեղինակաւոր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամութենէն։
Ես համաձայն չեմ բազմաթիւ հակասական տեսակէտներու, զորս Պիլզերեան կը դրսեւորէ հրեաներուն մասին, օրինակ՝ ան քոնկրեսական Ֆայնը կ’անուանէ «գէր հրեայ»։ Իսրայէլի կառավարութիւնը Պիլզերեանը տեղադրած է առաջին դիրքի վրայ իր կազմած 10 ամէնէն նշանաւոր հակասեմական ազդեցիկ անձերու ցանկին մէջ։
Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ երկքաղաքացիներ ծառայած են Քոնկրեսին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ ծերակուտական Թետ Քրուզը, որ մինչեւ 2014 թուական ունէր Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի երկքաղաքացիութիւն, եւ քոնկրեսական Միշել Պախմանը, որ մինչեւ 2012 ունէր Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ երկքաղաքացիութիւն։
Վերջերս ստեղծուած GovItUp.com կայքին միջոցով յաւելեալ հետազօտութիւններ կատարելով՝ բացայայտեցի, որ Ազրպէյճանի կողմէ վարձուած «Friedlander Consulting Group» լոպիական ընկերութեան տնօրէն Էզրա Ֆրիտլենտըր 18 սեպտեմբեր 2025-ին քոնկրեսական Ֆայնի քարոզարշաւին նուիրաբերած է 1000 տոլար: Բացի ատկէ, «Friedlander» ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան նախարարութեան յայտնած է, որ յունիս եւ յուլիս 2025-ին երկու հանդիպում կազմակերպած է Ազրպէյճանի դեսպանատան քաղաքական պաշտօնեայ Նիկար Շիրալիզատէի եւ Ազրպէյճանի դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Սանան Ֆարաճովի համար՝ քոնկրեսական Ֆայնի աշխատակազմի ղեկավարին հետ, «Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները» քննարկելու համար:
Ինչպէս կ’ըսեն՝ «Ապակեայ տուներու մէջ ապրողները պէտք չէ քարեր նետեն ուրիշներու տուներուն վրայ»։

