Թուրք Հետաքննող Լրագրողը Կը Բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ Թուրքիոյ Ներթափանցման Ճիգերը
Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ բնակող այլախոհ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթը, «Nordic Monitor»-ի մէջ հրատարակուած «Թուրքիան կ’աշխուժացնէ Ուաշինկթընի մէջ գաղտնի եւ բացայայտ ազդեցութեան գործողութիւնները» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտած է Թուրքիոյ բազմաշերտ ու ընդլայնուող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ահա թէ ինչպէ՛ս Պոզքուրթը ամփոփած է իր բացայայտումները. «Թուրքիան զգալիօրէն ընդլայնած է իր լոպիինկի եւ ազդեցութեան գործողութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ կառուցելով աւելի բարդ, ամուր եւ համատեղ աշխատող ցանց մը՝ բաղկացած արձանագրուած գործակալներէ, իրաւաբանական եւ քաղաքական խորհրդատուներէ, կուսակցական ներկայացուցիչներէ, ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններէ եւ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններէ՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել Անգարայի քաղաքականութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի ընկալումը»։
Ամերիկեան «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնք»-ին (FARA) համաձայն՝ օտարերկրեայ կողմերը պարտաւոր են տեղեկացնել Արդարադատութեան նախարարութիւնը (DOJ), երբ անոնք ամերիկեան լոպիական կամ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններ կը վարձեն: Արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ ներկայացուած են օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագիրները, վճարուած գումարները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումներու կամ յարաբերութիւններու մանրամասնութիւնները:
Յատկանշական է, որ 2001-2021 թուականներուն Թուրքիան վարձած է 105 ամերիկեան լոպիական ընկերութիւններ՝ ըստ Քոնկրեսի հետազօտական ծառայութեան (CRS) 2026 թուականի մարտ 9-ի տեղեկագիրին։
Լոպիական ջանքերէն զատ, Թուրքիան նաեւ ներգրաւուած է աւելի լայն ազդեցութեան գործարքներու մէջ։ Քաղաքական գործիչ Լորա Լումըրի խօսքով, որ նախագահ Թրամփի մտերիմ վստահելի անձերէն է, Սի. Այ. Էյ.ը «ունի անառարկելի ապացոյցներ, որ Թուրքիան, աւելի որոշակի՝ Էրտողանի վարչակազմը, ծախսեր ուղղորդած է փոտքասթըրներու համար՝ խաթարելու համար Թրամփի վարչակազմին Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւնը»։ Ան «Էքս» հարթակին վրայ գրած է. «Սի. Այ. Էյ.ը ապացոյցներ ունի, որ թրքական այս ֆինանսաւորումը կը հասնի առնուազն մէկ կին եւ մէկ տղամարդ փոտքասթըրներու»։ Ան եզրակացուցած է. «Թուրքիան «Իսլամ եղբայրներ»-ու մեծագոյն ֆինանսաւորողն է»։ Պոզքուրտը կարծիքով՝ Լումըրի պնդումը համահունչ է «Էրտողանի կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գաղտնի ֆինանսաւորուող լաւ փաստագրուած արձանագրութիւններուն, սկսած «Իսլամ եղբայրներ»-ու հետ կապ ունեցող ցանցերու աջակցութենէն մինչեւ լրտեսական գործունէութիւն, որ կը թիրախաւորէ Էրտողանի քննադատները, ինչպիսիք են՝ Կիւլէնական շարժման անդամները»։
Անգարայի կողմէ վարձուած ամերիկեան ընկերութիւնները «կը զբաղին բազմաբնոյթ գործունէութեամբ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներուն հետ կապերու հաստատում, հանդիպումներու կազմակերպում, ձեռնարկներու իրականացում, կարծիքներու հրապարակում (ամերիկեան լրատուամիջոցներու մէջ), ինչպէս նաեւ հաղորդագրութիւններու արշաւներու համակարգում՝ ուղղուած Թուրքիոյ քաղաքական դիրքորոշումներու խթանման», գրած է Պոզքուրտը։
«Turken Foundation Inc.»-ի՝ «Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած եւ Էրտողանի ընտանիքի անդամներու ու գործընկերներու վերահսկողութեան տակ գտնուող ոչ առեւտրական կազմակերպութեան FARA-ի արձանագրութիւնը կը բացայայտէ ֆինանսական հոսքերու ծաւալն ու կառուցուածքը, որոնք կը քաջալերեն Անգարայի շահերուն հետ համընկնող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Փաստաթուղթէն կ’երեւի, որ մինչեւ 30 նոյեմբեր 2025 երկարող վեցամսեայ հաշուետու ժամանակաշրջանին հիմնադրամը ստացած է 2 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում Թուրքիոյ կապուած կազմակերպութիւններէ, յատկապէս՝ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ կրթութեան ծառայութեան հիմնադրամէն (TURGEV) եւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու հետ առնչուած թրքական իսլամական «Ensar» հիմնադրամէն: «TURGEV-ը կը ղեկավարէ Էրտողանի որդին՝ Պիլալ Էրտողանը», գրած է Պոզքուրտը:
Ուղղակի քաղաքական լոպիինկի առումով, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 18 ապրիլ 2024-ին կնքած է 1,02 միլիոն տոլարի նոր պայմանագիր մը՝ «LB International Solutions LLC»-ին հետ, որ Թուրքիոյ դեսպանատան անունով Քոնկրեսի հետ կապեր հաստատող ամէնէն երկարամեայ գործընկերներէն մէկն է։ «Ընկերութիւնը նաեւ ընդլայնած է իր գործունէութիւնը՝ ներառելով մասնաւոր թրքական ընկերութիւններ, ինչպիսին է ONJA-ն, որ ֆինանսական եւ առեւտրական խորհրդատուական ծառայութիւններ կը մատուցէ», գրած է Պոզքուրտը։
FARA-ի արձանագրած տուեալները ցոյց կու տան, որ «LB International Solutions LLC»-ին յանձնարարուած է «Թուրքիոյ համար լոպիական եւ կառավարական կապերու ծառայութիւններ մատուցել», ներառեալ թրքամէտ օրէնսդրութեան որդեգրումը, որ՝ «կը նպաստէ Թուրքիոյ շահերուն եւ դրական պատկեր կը ստեղծէ թուրքերու, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբերեալ»։
Բացի ատկէ, Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ մայիս 2025-ին 1.54 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է Ուաշինկթընի մէջ գործող «Saltzman & Evinch» իրաւաբանական ընկերութեան հետ՝ տրամադրելու համար «իրաւական խորհրդատուութիւն եւ վերլուծութիւն Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերող, նաեւ՝ անոնց վրայ ազդող հարցերու ու զարգացումներու շուրջ, ինչպիսիք են ներկայ եւ հնարաւոր դատական գործերը, օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, գործադիր որոշումներն ու քաղաքականութիւնը»՝ ըստ FARA-ի ներկայացուցած փաստաթուղթին: Պոզքուրտի համաձայն՝ «Ուոլ սթրիթ ժուրնըլ»-ը յայտնած է, որ՝ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը Saltzman & Evinch-ը օգտագործած է Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող Էրտողանի քննադատներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Ընկերութեան գործընկեր Կիւնայ Էվինչը, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է, որոշ ժամանակով աշխատանքի ընդունած է նաեւ Թուրքիոյ հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընի դուստրը՝ Ռումէյսա Քալընը (Քարապուլութ)»:
Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ուաշինկթընեան գրասենեակը FARA-ին ներկայացուցած իր յայտարարագիրին մէջ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կուսակցութեան գործառնական ծախսերուն համար Թուրքիայէն փոխանցուած է 875.534 տոլար, մինչդեռ ծախսուած է 941.833 տոլար: FARA-ի յայտարարագիրին մէջ կը նշուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ուաշինկթընեան գրասենեակը՝ «Ներգրաւուած եղած է քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան մէջ, ինչպիսիք են հանրային հաւաքները եւ անձնական հանդիպումները»:
Բացի ատկէ, «GoTürkiye»-ն վարձած է «Geoffrey Weill Associates»-ը՝ աշխատելու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեան շրջանակէն ներս, ձեւաւորելու հանրային ընկալում ու խթանելու զբօսաշրջութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միութիւնը (TRT) նոյնպէս ունի արձանագրուած ներկայութիւն Ուաշինկթընի մէջ:
Թուրքիան ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ ամերիկեան տարբեր լոպիական ընկերութիւններու վրայ: Բնականաբար, մեծ գումարներ կը պահանջուին փաստերը խեղաթիւրելու, ճշմարտութիւնը սխալ ներկայացնելու, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումները արդարացնելու եւ անցեալի ցեղասպանութիւնները քողարկելու համար:

