Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $11.7 միլիոն արժէքով դեղորայք հայթայթեց Հայաստանին
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Անցեալ շաբաթ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտըերեք անջատ առաքումներով եւ $11.7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք առաքեց Հայաստան։ Հրատապօրէն անհրաժեշտ այսապրանքները կ՚ընդգրկէին յօդատապի (rheumatoid arthritis) դեղեր($11,180,000 արժէքով), insulin ($199,000), եւ աչքի կաթիլներ՝ ներակնայինճնշման բարձրացման (glaucoma) համար ($336,000)։
Դեղերը առաքուեցան Հայաստանի Ակնաբուժական Ծրագրին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, եւ ՀայաստանիԱռողջապահութեան Նախարարութեան։ Հայաստան Արցախ Ֆոնտըխորին երախտագիտութիւն յայտնեց Americares եւ Direct Relief կազմակերպութիւններուն՝ այս մեծարժէք դեղերու նուիրատուութեանհամար։
Անցեալ 35 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդածՄիացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 1 միլիառ եւ 52 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրականօժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,586 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան յայտնեց. «մեզի կը մնայհոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձերառատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանքշարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկելՀայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։