Western Armenian – Երուսաղէմի Պատրիարքարանը Կը Շահի Թուրքիոյ Մէջ Իր Հսկայական Կալուածներուն Վերատիրանալու Դատը

2019 թուականին յօդուած մը գրած էի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ 2012 թուականին Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին կարգավիճակին մասին՝ տասնամեակներ առաջ իր բռնագրաւուած հազարէ աւելի կալուածներուն վերատիրանալու վերաբերող։
12 տարի շարունակ Թուրքիոյ մէջ տարբեր դատարաններու դիմելէ ետք պատրիարքարանը վերջապէս մեծ յաղթանակ տարաւ նախորդ շաբաթ։
Իշխան Էրտինչ այս լաւ լուրը հրապարակեց 4 հոկտեմբեր 2024-ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ՝ «Կարեւոր զարգացում Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կալուածներուն վերաբերեալ. «Մարյակոբ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը ձեռք կը բերէ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ» խորագիրը կրող յօդուածով։ «Մարյակոբ» ըսելով ան նկատի ունի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ հայոց պատրիարքարանը։
Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը (GDF) 1973 թուականին բռնագրաւած էր Երուսաղէմի պատրիարքարանի կալուածները՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ստեղծուած «Մարյակոբ» հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը ներկայացնելով իբրեւ այլեւս չգործող։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի 2012 թուականի դատը ի սկզբանէ մերժուած էր թէ՛ Անգարայի ստորին ատեանին, եւ թէ վերաքննիչ դատարանին կողմէ։ Այնուհետեւ պատրիարքը դիմեց Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ երկրի բարձրագոյն դատարան, որ որոշեց, թէ ստորին ատեանի դատարանը խախտած էր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին իրաւունքները։ Ստորին դատարանը այնուհետեւ չեղեալ յայտարարեց Հայոց պատրիարքարանի կալուածներու սառեցուած կարգավիճակը։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի թուրք փաստաբան Ալի Էլպեյողլուն «Ակօս» թերթին յայտնեց, որ պատրիարքարանը այժմ երկու ընտրանք ունի՝ կա՛մ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակէ իբրեւ իր ներկայացուցիչը Թուրքիոյ մէջ՝ իր կալուածներուն տնօրինելու համար, ինչպէս էր պարագան մինչեւ անոնց բռնագրաւումը, եւ կա՛մ ալ անոնք պիտի կառավարուին Երուսաղէմէն։
Տարիներու ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի բռնագրաւուած կալուածներուն մեծ մասը վաճառուած է երրորդ անձերու՝ առանց պատրիարքարանին որեւէ փոխհատուցում վճարելու։
Տակաւին յստակ չէ, թէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ի՛նչ պիտի ընէ վերատիրացած կալուածներով եւ ի՛նչ փոխհատուցում պիտի ստանայ այն կալուածներուն համար, որոնք վաղուց վաճառուած են երրորդ անձերու:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կ՛առաջարկեմ՝ յառաջացնել յարգարժան հայ անհատներէ բաղկացած միջազգային յանձնաժողով մը, որպէսզի վերահսկէ այս կալուածներուն կառավարման եւ պատրիարքարանին տրուելիք փոխհատուցումներուն: Նկատի ունենալով Իսրայէլի մէջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի կալուածներու վաճառքին կամ վարձակալութեան շուրջ ծայր առած վէճերը, պատրիարքին ձեռնտու պիտի ըլլայ թափանցիկութիւն ցուցաբերել՝ գաղտնի գործարարութիւններէ եւ փտածութեան վերաբերող մեղադրանքներէ խուսափելու համար:
Այս կալուածներուն սպասուած վերադարձը շատ դրական զարգացում է, քանի որ թրքական կառավարութիւնը հազուադէպօրէն համաձայնած է հայ սեփականատէրերուն վերադարձնել տասնամեակներ առաջ բռնագրաւուած անոնց կալուածները: 2011 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հայկական, յունական եւ հրէական բարեսիրական հիմնադրամներէն բռնագրաւուած կալուածները կա՛մ անոնց պիտի վերադարձնէ, եւ կամ փոխհատուցում պիտի վճարէ կալուածներուն արժէքին համաձայն, եթէ անոնք վաճառուած են երրորդ անձերու։
Այնուամենայնիւ, շարք մը կալուածներ տուեալ փոքրամասնութիւններուն վերադարձուելէ ետք, կառավարութիւնը կասեցուց այս գործընթացը, թէեւ որոշ դատական գործեր տակաւին ընթացքի մէջ են:
Բռնագրաւուած հայկական կարգ մը կալուածներ իրենց հայ սեփականատէրերուն վերադարձնելու Թուրքիոյ քայլերը կը դիտարկեմ իբրեւ իրենց պատմական յանցանքներէն սրբուելու միջոց: Թէեւ մենք պէտք է զգուշանանք թրքական նման խորամանկ խաղերէ, բայց պէտք է նաեւ օգտուինք բոլոր կարելիութիւններէն՝ վերադարձնելու Ցեղասպանութեան ժամանակ մեր կորսնցուցած տարածքներուն, կալուածներուն եւ այլ ունեցուածքներուն մէկ մասը: Իսկ ինչ որ չենք կրնար վերադարձնել, անոնց համար պէտք է փոխհատուցում ստանանք:
Այս պատճառով ալ հայ ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ անցեալի անարդարութիւնները եւ կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի պահպանէ իր կորուստներու յիշողութիւնը այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է։ Ոչինչ առյաւէտ կորսուած է: Պատմութիւնը անսպասելի շրջադարձներ պիտի ունենայ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ իրավիճակը պիտի փոխուի յօգուտ մեզի: Սակայն, եթէ մենք անձամբ հրաժարինք մեր պահանջներէն, այն ատեն ամէն բան առյաւէտ կը կորսնցնենք։