Western Armenian – Ալիեւ Խնդրած է Արաբական Լիկայէն Եւ Թուրքիայէն Ճնշում Գործադրել ԵԽԽՎ-ի Վրայ՝ Ատրպէյճանը Վերստին Ընդունելու Համար
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ո՛վ ինչ կ՛ըսէ երկրիս մասին, ես պիտի շարունակեմ ընել ի՛նչ որ կ՛ուզեմ»։ Սակայն, ասիկա կ՛ըսուի քողարկման համար: Ատրպէյճան, անկախ իր հրապարակային կոշտ ելոյթներէն, վարագոյրներու մէջ աշխատանք կը տանի այլ երկիրներու հետ իր հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար:
Անցեալ շաբաթ գրած էի, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան խնդրած է Իսրայէլի կառավարութենէն՝ միջնորդել Ֆրանսայի մօտ՝ բարելաւելու համար իրենց յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն վատթարացած էին արցախեան հակամարտութեան ընթացքին Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան պատճառով։ Երբ Իսրայէլ մերժեց Ալիեւի խնդրանքը՝ միջնորդել Ֆրանսայի մօտ, Ատրպէյճան սկսաւ այլ ուղիներ փնտռել Եւրոպայի հետ իր հարցերը լուծելու համար։
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կողմէ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը կասեցնելէ ետք, Ալիեւ խնդրեց Արաբական պետութիւններու լիկայէն՝ միջամտել եւրոպացիներուն մօտ՝ Ատրպէյճանի կարգավիճակը վերականգնելու համար։ 13 Փետրուար 2024ին, Ատրպէյճանի խնդրանքով Արաբական լիկայի Խորհրդարանի նախագահ Ատել Պին Ապուլ Ռահման Ալ-Ասումի նամակ յղեց ԵԽԽՎ նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի՝ բողոքելով ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւին դէմ, որ կը մերժէ վաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագիրները։
Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին ըսաւ. «Արաբական խորհրդարանը իր խոր ափսոսանքը կը յայտնէ այս բանաձեւի ընդունման համար։ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր է եւ կարեւոր ու ազդեցիկ դեր կը խաղայ մշակութային բազմազանութեան պահպանման եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի անդամ է 2001էն ի վեր եւ մեծ դեր կը խաղայ այս կազմակերպութեան գործունէութեան ու սկզբունքներու խթանման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ իր հետապնդած նպատակներուն հասնելու գործին մէջ: Համաշխարհային մակարդակի վրայ ան համատեղ ջանքեր կը գործադրէ լարուածութիւնն ու պատերազմները նոազեցնելու համար…․»:
Այնուհետեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին խորհուրդ տուաւ՝ ըսելով. «Բազմակողմանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ տեսակէտներու հաշտեցման գործիք եւ դիմադրութեան պատ բոլոր պառակտումներու առջեւ եւ յաւելեալ արժէք՝ խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան սկզբունքներու տարածման համար»։
Նամակը կ՛աւարտէր ԵԽԽՎ-ի կոչ ընելով՝ վերանայիլ աւելի կանուխ ընդունած բանաձեւը, որ մերժած էր վաւերացնել Ատրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրները, «որոնք կը հակասեն երկխօսութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքներուն»:
Բնականաբար, Ատրպէյճանի խորհրդարանը (Միլլի Մեճլիս) անմիջապէս հրապարակեց Արաբական խորհրդարանի նամակը, զոր հրապարակած էին նաեւ ատրպէյճանական շարք մը թերթեր։
Շատ տարօրինակ է, որ Արաբական խորհրդարանը միջամտած է ԵԽԽՎ-ի գործերուն՝ արաբական պետութիւններու հետ կապ չունեցող հարցի մը գծով։ Ատրպէյճան Արաբական լիկայի ոչ անդամ է, ոչ ալ դիտորդ։ Ինչպէ՞ս կրնայ Արաբական խորհրդարանի նախագահը Ատրպէյճանը կոչել «արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր», երբ ան Իսրայէլի դաշնակիցն է եւ իսրայէլական զէնք կը գնէ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ։ Այդ էր պատճառը, որ նախապէս Արաբական լիկայի կողմէ մերժուած էր Ատրպէյճանի՝ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքը։ Արաբական խորհրդարանի՝ ԵԽԽՎ-ի նամակ գրելու պատրաստակամութեան միակ հնարաւոր բացատրութիւնը այն է, որ Ատրպէյճան զբաղած է «խաւիարային դիւանագիտութեան» իր սովորական վարժութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան շատ առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Արաբական լիկայի։ Հետեւաբար, Արաբական խորհրդարանի յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ձգտման մասին, իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի։
Քանի որ Հայաստան 2005էն ի վեր դիտորդի կարգավիճակ ունի Արաբական պետութիւններու լիկայէն ներս, հետաքրքրական էր ինծի իմանալ՝ թէ Լիկայի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը տեղեա՞կ էր արդեօք, որ Արաբական խորհրդարանը կը դիտարկէր այսպիսի նամակ մը ուղարկել ԵԽԽՎ-ի՝ ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի։ Եթէ այո, ապա ի՞նչ գործողութիւններու ձեռնակած է ան (եթէ այդպիսիք կան)՝ առարկելու համար նման նամակի մը յղման:
Բացի Արաբական լիկայէն, Ատրպէյճան ԵԽԽՎ-ի մէջ իր լոպիիստական ջանքերը կ՛իրականացնէ իր մեծ եղբօր՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջոցով։ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հիմնադիր Եաշար Եաքիս 25 Փետրուարին ARAB NEWS-ի մէջ գրած է. «Թուրքիա կտրականապէս դէմ արտայայտուած է Ատրպէյճանի (ԵԽԽՎ-էն) դադրեցման գծով…: Եթէ նոյնիսկ դադրեցուի Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին, ան կրնայ գոյատեւել առանց անդամ ըլլալու»։
Աւելի կանուխ՝ Փետրուարին, երբ Ալիեւ այցելեց Էրտողանի Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ նախագահը խոստացաւ ընել կարելին՝ «ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի հաւատարմագիրները վաւերացնելու համար։ Մենք պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնն ու ջանքերը Ատրպէյճանի, որովհետեւ տակաւին որոշումը (հաւատարմագիրները չվաւերացնելը) յետս չէ կոչուած»։ Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիա պիտի շեշտէ, որ ԵԽԽՎ պէտք է հարթակ ըլլայ «խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, այլ ոչ թէ հակամարտութեան» համար։ Սակայն Ալիեւ եւ Էրտողան չունին խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն իրենց սեփական երկիրներուն մէջ։
Եթէ Ալիեւ իսկապէս չմտահոգուէր, որ այլ երկիրներ ի՛նչ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն Ատրպէյճանի դէմ, հաւանական է, որ այդքան ջանք չգործադրէր Արաբական լիկայի եւ Էրտողանի լոպիինկի համար՝ ԵԽԽՎ-ի մէջ իր երկրին հաւատարմագիրները վերականգնելու նպատակով։ Ան պարզապէս կ՛անտեսէր ԵԽԽՎ-ի որոշումը։
Ճշմարտութիւնը այն է, որ Ալիեւ խորապէս մտահոգուած է իր վարկին համար։ Բռնակալներուն մեծ մասը, խախտելով ներքին եւ միջազգային բոլոր օրէնքները, ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի արդարացնէ իր յանցագործութիւնները եւ փորձէ հրեշտակ ձեւանալ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան